Լուսինեն բարի, պարզ, պզտիկ բաներով ուրախացող համեստ աղջիկ էր …
Անզուգական է ՝ Լուսինէի մեր հոգեւոր երաժշտութեան մեկնաբանութիւնը: Փնտռելով Հայ երգի ակունքները, պահեց պարզութիւնը եւ իր ձայնին ու խառնուածքին համադրելով, նոր փայլքով մը հայութեան ծանօթացուց մեր գանձերը: Իր երգը խոհուն, թախծոտ է, բայց միաժամանակ լուսաւոր ու ջինջ:
1984 – ին Երեւան «Խաչատուրեան» Համերգասրահն ենք, անակնկալի եկան ինք եւ Մարիանան: Երբ նկատեցին զիս:
Տխուր էր, մայրը նոր մահացած էր, սուգի մէջ էր:
1989 Յունիս 25 – ը տարբեր Կիրակի մըն էր, Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ խաղաղութեան աղաւնին կը սաւառնէր: Էջմիածին – Անթիլիաս միաձուլուած էր, Լուսինէն իր հետ բերած էր Վազգէն Ա. Վեհափառի Հայրական օրհնութիւնները: Թեմիս բարեջան առաջնորդ Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի վերընտրութեան ուրախ առիթով եկեղեցին եւ սրահը ծաղկեցուցին Լուսինէն եւ Խորէնը, խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասցնելով: Տարբեր Կիրակի էր:
Եւ վերջին համերգը 1990 – ին, արդէն անհանգստութեան նշաններ սկսած էին յայտնաբերել: Մարդկային ձայնը ամենանուրբ զգայուն գործիքն է, որ անմիջապէս ցոյց կու տայ ֆիզիքական, հոգեկան յոգնութիւնը: Հերոս էր Լուսինէն, հայու տոկուն նկարագիրով, թերեւս միայն Հայաստանի արուեստագէտները կրնան դիմանալ եւ դարձեալ բեմ բարձրանալ: Ֆիզիքական անհանգստութիւնը անտեսելով, հաւատքի զօրութեամբ հմայեց ու գոհացուց զինք ունկնդրողները:
1991 – ի ամառը Ս. Աստուածածնայ տօնին Էջմիածին Հայկուհին եւ ես մասնակցեցանք պատարագին, Լուսինէն մեզ ուրախութեամբ իր քովը տեղաւորեց, հպարտ էինք մենք ալ: Ապա մենք զինք տուն տարինք ինքնաշարժի յարմարութիւն ունենալուս: Փոխադրութեան դժվարութիւն, օդը տաք, բայց հոն էր Լուսինեն դարձեալ:
Լուսինէն իր կարողութիւններուն գիտակից, բարի, պարզ, պզտիկ բաներով ուրախացող համեստ աղջիկ էր: Շատերու նման, յաջողութիւնները, ժողովրդականութիւնը բնաւ չշշմեցուց եւ չշփոթեց զինք: Մնաց միշտ անկեղծ բարի Լուսինէն:
ԱՆԳԻՆԷ Ք. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
«ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» , 21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 1993