ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷՆԵՐՈՒ Ս. ԽԱՉ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՑԵՐԵԿՈՅԹՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ «ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ»-Ը
Շաբաթ, Յունիս 11-ի յետմիջօրէին, Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայերու Սուրբ Խաչ միութիւնը Փարիզի rue du Perche-ի իր տաճարին մէջ ներկայացուց «Կենսագրական բառարան. Հայերը երէկ եւ այսօր» հատորը, որուն հեղինակներն են Հրայր Հրաչեան եւ Արա Գրիգորեան:
Հիւրերուն մէջ նկատեցինք ներկայութիւնը տիկին Սոֆի Տեւեճեանի եւ իր որդւոյն՝ Ֆրանսուայի, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար տիկին Սուսաննա Ադամեանի , Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութենէն տիկին Գոհար Ավագեանի, նախկին քաղաքապետ, երեսփոխան եւ ծերակուտական Ռընէ Ռուքէի, ինչպէս նաեւ հատորին վերջաբանի հեղինակ Միշէլ Մարեանի:
Ցերեկոյթը սկսաւ Ֆրանսայի Հայ կաթոլիկ թեմի ընդհանուր փոխանորդ Հ. Ժոզէֆ եպիսկ. Քելեկեանի ողջոյնի խօսքով: Անոր յաջորդեց «La Croix» օրաթերթի լրագրող Փիէր-Իվ Լը Փրիոլ:
Վերջինս ջերմ ու գունեղ բառերով արտայայտեց իր ուրախութիւնը՝ ի տես Ֆրանսայի մէջ նման կարեւոր գործի մը գոյութեան, որ կը հանդիսանայ առօրեայ կեանքի իրական գործնական գործիք մը: Այնուհետեւ համահեղինակ Հրայր Հրաչեան խօսեցաւ այս գործին ծագումին մասին: Ան անդրադարձաւ նաեւ «Բառարան»- ին մէջ ընդգրկուած անուններու ընտրութեան առնչուող դժուարութիւններուն, արեւելեան անուններու տառադարձման հետ կապուած խնդիրներուն եւ ընդգծեց կարեւորութիւնը հատորին մէջ զետեղուած գործնական դասիչին, որ դիւրութիւն կ’ընձեռէ ծանօթանալու՝ առաւելագոյն առարկայականութեամբ խմբագրուած 3200 կենսագրութիւններուն: Այնուհետեւ ան արագ ակնարկ մը նետեց մարդկային բոլոր ոլորտներէ շուրջ քառասուն նշանակալից դէմքերու, որոնք յատուկ ուշադրութեան արժանացած են կամ արժանի են. համառօտ ակնարկ մը գիրքին բովանդակութեան:
Յաջորդած գեղարուեստական բաժինը , զոր ներկայացուց Արա Գրիգորեան, բացառաբար հարուստ էր ու գրաւիչ: Հետեւեալ արուեստագէտները յաջորդաբար ելոյթ ունեցան.-
-Պաս-պարիթոն Առնօ Խաչերեան,-որ վերջինս մրցոյթով ընդունուած է Ֆրանսական ազգային պահակազօրի երգչախումբ,-հրամցուց հայկական երեք երգ. ի շարս որոնց «Հիմի՞ էլ լռենք»-ը: Անոր կ’ ընկերանային ծանօթ դաշնակահար Ֆրետ Մանուկեան եւ թաւջութակով՝ Առնօ Ժանտրէլ:
-Տաւիղահարուհի Իրիս Թորոսեան նուագեց երեք ստեղծագործութիւն, որոնց շարքին Արամ Խաչատրեանի «Գայանէ» պալլէն գեղեցիկ «Օրոր» -ը:
Մեր համայնքին քաջածանօթ Եղսօն, Արայիկի դուդուկին նուագակցութեամբ առինքնեց ներկաները, հայկական ժողովրդական երգերու իր զգայուն եւ այնքան յուզիչ մեկնաբանութեամբ:
-Միջազգային համերգային դաշնակահար Վարդուհի Երիցեան կատարեց Իզաակ Ալպենիզի դաշնակի սոնաթը: Այնուհետեւ ան ընկերակցեցաւ երիտասարդ ջութակահար Դավիթ Յակոբեանին, Մոցարտի ջութակի եւ նուագախմբի համար թիւ 3 գոնչերթոյին:
-Մարինա Յովհաննիսեան փայլուն կերպով արտասանեց Համո Սահեանի եւ Գէորգ Էմինի բանաստեղծութիւններէն:
-Գեղարուեստական բաժինը վերջ գտաւ հաճելի անակնկալով մը. ներկայ արուեստագէտներէն կազմուած քառեակը(դաշնակ, տաւիղ, թաւջութակ եւ դուդուկ) հրամցուց հանրածանօթ «Նուպարին բոյը չինար է »-ն, մեծ խանդաւառութիւն առաջացնելով մեծ թիւով ներկաներուն մօտ:
Ցերեկոյթը իր աւարտին հասաւ ֆրանսահայ կաթոլիկներու առաջնորդ Հ. Եղիա եպիսկ. Եղիայեանի միասնութեան կոչով: «Մեր ժողովուրդին ապրած այս դժուարին պահէն դուրս գալու միակ լուծումն է»,-ընդգծեց ան:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ ընդհանուր գոհունակուեան մթնոլորտի մէջ, գիրքի մակագրման աւանդական պահով:
Հրայր Հրաչեան
Փարիզ